Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը դարձաւ աշխարհի եռակի ախոյեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 98 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին կը մրցէին Արթուր Ալեքսանեանը եւ Ռուսիան ներկայացնող Մուսա Եվլոեւը: Ալեքսանեանը գերազանցեց մրցակիցը 3:1 հաշիւով:

Արթուր Ալեքսանեանը աշխարհի ախոյեան դարձած է նաեւ 2014 եւ 2015 թուականներիուն: Գիւմրեցի մարզիկը Եւրոպայի առաջնութեան եռակի ախոյեան է (2012, 2013, 2014):